Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 1 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ փակ քուէարկութեամբ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ ընտրուած է Գէորգ Կոստանեանը:

Այդ մասին յայտնած է հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Սուքիաս Աւետիսեանը, որ դիտել տուած է, թէ Կոստանեան ընտրուած է 103 թեր եւ 3 դէմ ձայներով:

«Շնորհակալութիւն եմ յայտնում վստահութեան համար, շնորհակալութիւն եմ յայտնում Հայաստանի նախագահին՝ բարձր վստահութեան համար: Կառուցում ենք մեր Հայաստանը միասին», իր խօսքին մէջ յայտարարած է Կոստանեան:

Գլխաւոր դատախազի պաշտօնի ընտրութիւնը վեց տարուայ համար է: Նոյն անձը երկու անգամ անընդմէջ կրնայ ընտրուիլ այդ պաշտօնին: