Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԵՆ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը իր 5-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ կազմակերպած է  միջոցառումներու  շարք մը, որ կը ներառնէ շնորհանդէս, մրցանակաբաշխութիւն, ցուցահանդէս, ընդունելութիւն, պարգեւատրում, այցելութիւններ, համերգներ:

Յոբելեանական միջոցառումներու  մեկնարկը տեղի ունեցաւ  Հոկտեմբեր 1-ին: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը, նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ,  այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթեոն, ուր նախարարութեան աշխատակիցները ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան պատերազմի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին հերոսներուն։
Նախարարութեան աշխատակիցները նախարարի գլխաւորութեամբ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի  յուշահամալիր: