Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտնեց, որ Հայաստան պիտի մասնակցի Վիլնիուսի վեհաժողովին

եւ կ՛ակընկալէ մինչեւ այդ օրը որոշակի փոփոխութիւններ մտցնել բանակցուած փաստաթուղթին մէջ, եւ պատրաստ է ամբողջովին ստորագրելու Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:

«Ղարաբաղը եղել է կայ ու կը մնայ Եւրոպայի մաս» եւ «Ղարաբաղը ձեզի համար տարածք է, իսկ մեզի համար սուրբ հայրենիք» խօսքերով նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հարցին, բոլորի ուշադրութիւնը գրաւելով:

Խօսքի հիմնական բաժինները կը հրատարակենք մեր վաղուայ թիւով: