Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Այս օրերուն Ոսկեհատ Վարդանեան թեւակոխած է իր 100ամեակը։ Ան Մարտունիի տարածքի Աստղաձոր համայնքի բնակիչ է: Ամուսնանալով համագիւղացի Սիրական Վարդանեանի հետ՝ ունեցած են 15 զաւակներ, որոնցմէ այժմ կենդանի են 6ը:

22 տարի առաջ ան կորսնցուցած է ամուսինը: Ոսկեհատ տատը ունի 20 թոռ եւ 39 ծոռ, որոնց հոգատարութեամբ շրջապատուած է: Առողջական լուրջ խնդիրներ չունի:

Գեղարքունիքի մարզպետարանի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ յոբելենական տարեդարձին առթիւ տատին այցելած են Գեղարքունիքի մարզպետի տեղակալ Մարզպետունի Մանուկեանը եւ մարզպետարանի աշխատակազմի ղեկավար Սեւակ Խլղաթեանը, որոնք անոր յանձնած են մարզպետին որոշումով յատկացուած դրամական պարգեւ: