Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 11ի ուշ երեկոյեան ժամանած է Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:
Սեպտեմբեր 13ին, Արցախի պատուիրակութիւնը ԱՄՆ Քոնկրեսէն ներս հանդիպումներ ունեցած է Էտըմ Շիֆի եւ Էլիըթ Էնկելի հետ: Քոնկրեսականները հարցեր ուղղած են Արցախի ներկայ կացութեան, տնտեսական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման ու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուրջ վերջին զարգացումներուն մասին: Էտըմ Շիֆ անհանգստութիւն յայտնած է վերջին շրջանին հակամարտութեան գօտիին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման կապակցութեամբ, անընդունելի նկատելով նման պահուածք:
Այնուհետեւ Արցախի պատուիրակութիւնը այցելած է Ուաշինկթընի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու գրասենեակներ՝ հանդիպելով Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունիի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեանի եւ ԱՄՆ-Հայաստան հանրային կապերու յանձնախումբի համակարգող Ռոս Վարդեանի հետ: Սոյն հանդիպումներուն ընթացքին, ԼՂՀ ԱԺ նախագահը ԼՂՀ պետական պարգեւներ յանձնած է հասարակական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Կարօ Արմէնեանին, Ռոս Վարդեանին, Պրայըն Արտունիին եւ Արամ Համբարեանին:
Նոյն օրը երեկոյեան, ԱՄՆ Քոնկրեսի «Ոսկէ սրահ»ին մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ հռչակման 20ամեակին նուիրուած կեդրոնական միջոցառումը: Տօնական երեկոն կազմակերպած էին Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոն եւ Էտ Ռոյս, ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպանատունը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնն ու հայ-ամերիկեան կազմակերպութիւնները: Մասնակցած են տասնեակ քոնկրեսականներ, որոնք վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօս, Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կեցուածքին, դիտել տալով թէ «Ղարաբաղը պատրաստ է ճանապարհի մեր մասն անցնել, եթէ Ատրպէյճան ալ իր կարգին քայլերու ձեռնարկէ»: Ան ցաւ յայտնած է որ «նման քայլեր մենք չենք տեսնել ո՛չ անցեալում, ո՛չ էլ այսօր»: Ըստ իր խօսքերուն Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմը վերսկսելու սպառնալիքները կտրականապէս կը փոխեն ԼՂՀ վերաբերմունքը, քանի որ ներկայիս իրավիճակը իր բոլոր բաղադրիչներով, կը կազմէ ԼՂՀ անվտանգութեան համակարգը: