Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ երկու ժողովուրդներու պատմական սերտ կապերէն սնող հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւնները վերջին քսան տարիներուն ընթացքին շարունակական զարգացում ապրած են‘ հասնելով պատմականօրէն ամէնէն բարձր մակարդակին:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձան հայ-ֆրանսական, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հարցերուն, շրջանային եւ միջազգային հրատապ             խնդիրներուն:

Առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու առումով նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց Հայաստանի մէջ ֆրանսական գործարար ստուար համայնքի առկայութիւնը այնպիսի յառաջատար ընկերութիւններով, ինչպիսիք են «Քարֆուր»-ը, «Պեռնօ Ռիքար»-ը, «Օրանժ»-ը, «Քրետի Ակրիքոլ»-ը, «Ալքաթել»-ը եւ «Վէոլիա»-ն, որոնց վրայ շուտով պիտի աւելնան նորերը:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց այս տարուան ընթացքին սկսած Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան աջակցութեան ծրագիրները: Ան ընդգծեց, որ յաջողութեամբ կը զարգանայ նաեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը‘ գործընկերային սերտ կապեր հաստատուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 30-է աւելի տեղական իշխանութիւններուն միջեւ: Այդ շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի նախագահը յատկապէս կարեւոր նկատեց 15-17 Հոկտեմբերին Վալանսի մէջ տեղի ունենալիք ապակեդրոնացուած համագործակցութեան 3-րդ համագումարը:

Հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ֆրանսական կողմին երկարամեայ հետեւողական ջանքերուն համար: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները անգամ մը եւս ընդգծեցին, որ այլընտրանք չեն տեսներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման: Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ առանձնակի կերպով կարեւոր կը նկատեն Ֆրանսայի նախագահի անձնական ներգրաւուածութիւնը այս հարցին մէջ:

Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները: Անոնք համակարծիք եղած են այն հարցին մէջ, որ պէտք է առաւելագոյն ջանքերը գործադրել պահպանելու համագործակցութեան թափը եւ որակը, շարունակելու Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթը, որուն վերաբերեալ նախագահ Սերժ Սարգըսեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը: Ֆ. Հոլլանտ վստահեցուց, որ Ֆրանսան՝ իբրեւ Հայաստանի բարեկամ եւ Եւրոպական Միութեան յառաջատար պետութիւններէն մէկը, իբրեւ միջազգային խոշոր դերակատար, պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւրոպական օրակարգի յառաջ մղումին:

Հանդիպման ժամանակ Հայաստանի նախագահը վերստին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ Ֆրանսայի նշանակալի ներդրումին համար:

Երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի երկխօսութեան շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով, նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստան պետական այցելութիւն կատարելու նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին ուղղուած հրաւէրը: