Նիստի պաշտօնական բացումէն ետք Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Ռուստամեան բարձրացուց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները օրակարգէն հանելու եւ Հայաստանի ստորագրութիւնը վերցնելու հարցը:
Արմէն Ռուստամեան հարցումի մը համար ձայն խնդրեց եւ Ազգային ժողովի նախագահին դիմեց՝ առաջարկելով քննարկում կազմակերպել եւ դիմել հանրապետութեան նախագահին, գոնէ ԱԺի օրակարգէն հանելու համար հայ-թրքական արձանագրութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհըրդարանական ընտրութիւններէն ետք արձանագրութիւնները դուրս մնացած էին Թուրքիոյ նոր խորհրդարանի օրակարգէն:
«Պարոն Ռուստամեան, նախ այդ լիազօրութիւնն այսօր գտնւում է հանրապետութեան նախագահի տիրոյթում եւ Թուրքիայի օրակարգից դա չի հանուել, ուղղակի նոր պարլամենտ (խորհրդարան) է ձեւաւորուել եւ բոլոր հարցերը, որ եղել են նախորդ պար-լամենտի նստաշրջանում, դուրս են մնում: Իմ կարծիքով, հանրապետութեան նախագահն ուշադրութեամբ հետեւում է Թուրքիայում ընթացող քաղաքական գործընթացներին եւ մեզ առաջարկելու կամ նախագահին յուշելու անհրաժեշտութիւն ես չեմ տեսնում, եւ համոզուած եմ, որ այդ ընթացքում, եթէ Թուրքիայի կառավարութիւնը նորից չառաջարկի օրակարգում ընդգրկել այդ հարցը, այն ժամանակ հանրապետութեան նախագահը շատ ճշգրիտ եւ ժամանակին որոշում կը կա-յացնի», արձագանգեց ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը:
ՀՅԴի պատգամաւորը բացատրեց, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի կանոնակարգով, այդ քայլը կը նշանակէ, որ այդ արձանագրութիւններն իրենց ուժը կորսնցուցած են, եւ որ արձանագրութիւնները օրակարգ մտնելու համար՝ նոր ընթացակարգով, նոր գործընթացի պէտք է նախաձեռնուի: «Դա պէտք է կատարի որեւէ պատգամաւոր, կամ կառավարութիւնը», նկատեց Արմէն Ռուստամեան ու աւելցուց, որ Թուրքիա այդ գործընթացը անգամ մը եւս կրնայ օգտագործել, քարոզչութիւն իրականացնելու համար:
«Ես չեմ կասկածում, որ նախագահը հետեւում է գործընթացին, բայց կողքից խորհուրդը չի խանգարի», եզրափակեց ՀՅԴի պատգամաւորը:
Յովիկ Աբրահամեանը, ի պատասխան նշեց, որ միշտ պատրաստ է իւրաքանչիւր հարց քննարկելու, եթէ բոլոր խմբակցութիւնները որոշեն, որ հանրապետութեան նախագահին դիմելու անհրաժեշտութիւն կայ:
«Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան եւս այդ հարցին անդրադարձաւ ու նշեց, որ մտահոգիչ է հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանին մէջ պահելը, նոյնիսկ՝ կասեցուած վիճակով: Ան նշեց, որ ժամանակն է, որ խորհրդարանը յայտարարութեամբ հանդէս գայ, որպէսզի Հայաստանը ետ վերցնէ իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն:
Յովիկ Աբրահամեանն ըսաւ, որ կարելի է որոշ ժամանակ սպասել եւ եթէ Թուրքիոյ կողմէ քայլեր չ՛առնուին, այն ատեն կարելի է դիմել հանրապետութեան նախագահին:
Ժառանգութեան պատգամաւորը պատասխանեց, որ սպասելու ժամանակն անցած է արդէն:
ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ՝
ՀՅԴ-Ի ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
«Բոլորս ալ կը տեսնենք, որ հայը իր երկրին մէջ չունենալով ապրելու կարելիութիւն‘ կը լքէ զայն եւ կը հեռանայ յուսալքուած, այլ երկրին մէջ իր գոյութիւնը պաշտպանելու համար», Սիսիանի մէջ ՀՅԴ-ի կազմակերպած հանրահաւաքին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Յայտարարելով, որ ներկայ իրավիճակը բարելաւելու եւ այսօրուան տիրող կացութիւնը արմատախիլ ընելու համար ստեղծուած են լաւ պայմաններ, Արմէն Ռուստամեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին‘ այդ նպատակը իրագործելու համար տէր կանգնելու իւրաքանչիւր քուէի, որպէսզի իշխանութիւնները չյաջողին թիւերը բազմացնեն: Իսկ եթէ ատիկա ընեն, անհրաժեշտ է կամք եւ վճռականութիւն‘ հետագայ պայքարին յաջող ընթացքը ապահովելու համար:
«Մենք մեր ձեռքին տակ պէտք է ունենանք իրաւական հիմք, որպէսզի հետագային յաջողինք պաշտպանել մեր ընտրական իրաւունքի արդարութիւնը», ըսաւ ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը: