Print
Category: Հայաստան-Արցախ

24-27 Սեպտեմբեր Մայր աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովը ամփոփեց իր աշխատանքները:

Ժողովի դիւանը մամուլին տարածեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերին եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ ծիրէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը: Այս առնչութեամբ Սրբադասման յանձնախումբի կատարած աշխատանքների եւ ուսումնասիրութիւններու մասին զեկոյցներ ներկայացուեցան, ապա Եպիսկոպոսաց ժողովը որոշեց.- 

ա. Որդեգրել Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակների հաւաքական սրբադասման սկզբունքը,

բ. Յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին՝ շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը,

գ. Յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին մշակել սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը՝ Եպիսկոպոսաց առաջիկայ ժողովին ներկայացնելու համար: 

Յաջորդ օրերու ընթացքին Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննութեան առին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու՝ Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբի կողմէ կատարուած աշխատանքները: Զեկոյցներ ներկայացուցին յանձնախմբի անդամները, ապա քննարկումներէն ետք ժողովը ընդունեց Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներու միօրինակ բնագիր: Քննարկման նիւթ դարձան Ս. Մկրտութեան խորհուրդի հետ առնչուած հարցերու ուղեցոյցը եւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդի խրատական-ուսուցողական ձեռնարկը, որոնց առնչութեամբ Ծիսական յանձախումբին յանձնարարուեցաւ շարունակել լրամշակման աշխատանքները: Կարեւորութեամբ քննարկուեց նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական լեզուի խնդիրը եւ այլ հարցեր, որոնց վերաբերեալ անհրաժեշտութիւն կար յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու: 

Յաջորդ օրակարգը Հայ Եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներն էր: Այս մասին զեկոյցներ տրուեցան, ապա քննարկելով ներկայացուած մարտահրաւէրները, որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ ծիսական, քարոզչական կեանքին եւ կրթա-դաստիարակչական ու ընկերային առաքելութեան, հայապահպանութեան խնդիրներու՝ ժողովականները որոշեցին անոնք առաջնահերթութեան սկզբունքով համապարփակ քննութեան առարկայ դարձնել յառաջիկայ ժողովին:

Եպիսկոպոսաց ժողովը արդիւնքներու ամփոփման հանգրուանին մտահոգութեամբ անդրադարձաւ նաեւ մեր ժողովուրդի ազգային, եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ ընկերային, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ տարաբնոյթ այլ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն: Նշեալ մարտահրաւէրներուն ու հիմնախնդիրներուն ընդառաջ, եպիսկոպոսաց դասը, ելնելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայական ոգիէն, օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, որոշեց հաստատել հիմնադրամ՝ Հայաստանի ու Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Հիմնադրամի գործունէութեան մեկնարկի համար հաստատուեցաւ երկու միլիոն ԱՄՆ տոլարի նախնական դրամագլուխ, իսկ հիմնադրամի ընթացիկ աշխատանքներու կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ: 

Ժողովի աւարտին եպիսկոպոսաց դասը գոհունակութեամբ արձանագրեց ժողովի արդիւնաւէտ ընթացքը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին՝ Մայր Աթոռի մէջ եպիսկոպոսաց եղբայրական սիրով համախմբման հնարաւորութեան համար: