Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մանկավարժական համալսարանին յայտագիրը շատ ճոխ էր։ Տնօրէնը՝ Պատմական գիտութիւններու տոքթ.՝ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան, առաջին օրէն Ռուբէն Սեւակի թանգարանը Հայաստան՝ Էջմիածնի մէջ տեղադրելու գաղափարը յղացողը եղած է։

Փրոֆ. Միրզախանեան իր բացման խօսքին մէջ, ինչպէս իրմէ ետք եկող բոլոր բանախօսները, շեշտեց կարեւորութիւնը Ռուբէն Սեւակ մտաւորականին, բանաստեղծին եւ բժիշկին արխիւին Հայաստան վերադարձին, եւ նոյնպէս՝ մտաւորական, հրապարակախօս, հետազօտող եւ բարեգործ պարոն Յովհաննէս Չիլինկիրեանի կարեւորութիւնը, որուն անխոնջ աշխատանքին եւ նուիրումին շնորհիւ կարելի եղած է Ռուբէն Սեւակի անունը անջնջելի կերպով արձանագրել պատմութեան էջերուն մէջ։

Բացման արարողութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ պարոն Յովհաննէս Չիլինկիրեանին, որ շատ դիպուկ կերպով ներկայացուց Ռուբէն Սեւակը։ Նահատակ մը, որ նախօրօք, իր երկերով, 1908ի ջարդերուն իբր հետեւանք, նախազգացած է եւ զգուշացուցած՝ իր հայրենակիցները Թուրքերու արիւնարբու եւ նենգամիտ ծրագիրներէն։ Յ. Չիլինկիրեան յիշեցուց, որ իր հօրեղբայրը՝ Ռուբէն Սեւակ, յարգուած բժիշկ էր, Լօզան ուսանած, բոլոր կարելիութիւնները ունէր երկրէն ազատ հեռանալու, առաւել եւս՝ կինն ալ գերմանացի էր։ Դեռ աւելին, Չանղըրըի մէջ, ան կը մերժէ մահուընէ փրկուելու համար իսլամանալով՝ տեղւոյն Չէթէճի Արասաճը Իսմայիլին աղջիկին հետ ամուսնութեան առաջարկը։

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան, Երուանդ Ազատեան, Ալեքսանդր Թոփչեան, Աէլիտա Դոլուխանեան, Սուրէն Դանիէլեան։ Արտասանութիւն, երգ, նուագ, երգչախմբային կատարում իրարու յաջորդեցին եւ հանդիսութիւնը աւարտին հասցուցին։

Այս հանդիսութիւններուն գլխաւոր բացական՝ տիկին Շամիրամ Սեւակ-Ֆալքօն էր, Սեւակի դուստրը՝ որ իր ծննդեան 100րդ տարին պիտի բոլորէ շուտով։ Վերջին պահուն տան մէջ պատահած արկածի մը պատճառով չէ կրցած ներկայ գտնուիլ իր հօր անունը կրող թանգարանի հանդիսութիւններուն։