Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ այն մտավախութիւնը, որ անդամակցելով Մաքսային Միութեան, իսկ հետագային՝ Եւրասիական Միութեան, Հայաստան կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը, ըսած է հետեւեալը.

«Մեր հարցը այսօր լինելիութեան հարցի լուծումն է։ 1918-1920-ական թուականներուն ալ ստեղծուած էր նման կացութիւն, երբ ազէրիները համագործակցեցան պոլշեւիկներու հետ եւ մենք հազիւ կրցանք պահել Զանգեզուրը եւ Զանգեզուրով միացանք ու մտանք Խորհրդային Միութեան մէջ։ Այն ժամանակ Դաշնակցական կառավարութիւնն ալ իրավիճակէն մեկնելով իշխանութիւնը զիջեց պոլշեւիկներուն։ Այսօր ալ նոյնն է կացութիւնը։ Մեր խնդիրը 42 հազար քառակուսի քիլոմեթրը մեր սերունդներուն կտակելն է»։

Ռուստամեանի կարծիքով՝ ընտրութիւն կատարելով յօգուտ Եւրասիական Միութեան, Հայաստան այլընտրանք չունէր։