
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրելու մասին:
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հայաստան եւ Արցախ կատարած 80րդ այցելութեան ընթացքին անոր կ՛ընկերակցէր Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Միշէլ Յակոբեանը: Քարոլայն Քոքսի ղեկավարած ոչ կառավարական «HART» կազմակերպութեան վերականգնողական կեդրոնը պիտի բանայ Արցախի մէջ:
Պարոնուհի Քոքսի մարդասիրական կազմակերպութեան անդամները պիտի մեկնին Ղարաբաղ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենան հանրապետութեան ղեկավարութեան ու հոգեւորականներուն հետ: Անոնք Լեռնային Ղարաբաղ պիտի երթան ուղղաթիռով, զոր նուիրաբերուած է պարոնուհի Քոքսին՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ անոր 80րդ այցելութեան պատուին:
«Մեծ պատիւ է ուղեկցիլ պարոնուհի Քոքսին՝ Լեռնային Ղարաբաղ իր 80րդ այցելութեան ընթացքին: Անոր ամէն ըրածին մէջ ցայտուն կերպով կ՛երեւին նուիրուածութիւնն ու սէրը: Մենք իսկապէս բախտաւոր ենք, որ նման անձնաւորութիւն մը կը պայքարի մեր իրաւունքներուն համար», յայտնած է Միշէլ Յակոբեանը:
Պարոնուհի Քոքս 23 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր՝ տարիներ շարունակ արցախահայութեան կողքին ըլլալուն համար, մանաւանդ ամէնէն օրհասական պահերուն եւ յաճախ վտանգելով իր կեանքը՝ անգնահատելի աջակցութիւն ցուցաբերելով արցախցիներուն:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է յետ այսու եւս իր կարելութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ հայ ժողովուրդին, նպաստել հայ-բրիտանական կապերու սերտացման: