Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Քուէյթի կառավարութիւնը 100 հազար տոլար փոխանցած է «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոնին՝ Հայաստան բնակող սուրիահայերուն համար իրականացուող դպրոցական եւ կրթական ծրագիրներուն աջակցելու նպատակով:

Այս առնչութեամբ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ 27 Սեպտեմբերին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց հայ-քուէյթական յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացումն ու երկու երկիրներուն միջեւ մնայուն համագործակցութիւնը: «Մեր աշխատանքները աւելի սերտացան, երբ սկսուեց սիրիական ճգնաժամը: Սիրիահայութեանը եւ հայ հասարակութեանը յայտնի է, որ Քուէյթի կառավարութիւնը անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին 100 հազար տոլար նուիրեց մեր հայրենակիցներին՝ ցանկութիւն յայտնելով գումարն ուղղել նրանց սննդամթերքով ապահովմանը: Արդէն երկրորդ անգամ Քուէյթը նուիրաբերում է 100 հազար տոլար կամ 40 միլիոն 586 հազար դրամ՝ այս անգամ արդէն սիրիահայերի կրթական ծրագրերին աջակցելու համար»։