Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ս. Էջմիածինի մէջ իր աշխատանքները այսօր կ'աւարտէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքով սկսած ժողովը չորս օրուայ ընթացքին շարունակեց իր աշխատանքները Էջմիածնի մէջ։ Ծրագիր-օրակարգին վրայ նշուած են մասնաւորաբար երկու հարցեր. Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը եւ Ս. մկրտութեան ծիսական կանոնական արարողակարգին առնչուող խորհուրդի ծրարը:

Բացի օրակարգային նշուած հարցերէն, ժողովը քննարկեց նաեւ հայ եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրները:

----------------------- 

Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի կազմակերպման առիթով հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցած է Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը, հարցազրոյց մը տալով «Ազդակ» օրաթերթին, որու որոշ բաժիններ կը հրատարակենք ստորեւ.-

Սրբազան հայր, Անթիլիասի մայրավանքէն ստացուած լրատւութենէն իմացանք, թէ Օգոստոս 28-29ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի ժողովին մասնակցած էք. կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն բացատրել, թէ ի՞նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը։ 

2010ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս նշանակեցին հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ չորս անդամներէ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան (Ս. Էջմիածին), Գերշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեան (Անթիլիաս), Գերշ. Տ. Միքայէլ եպիսկ. Աջապահեան (Ս. Էջմիածին) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (Անթիլիաս)։ Օգոստոս 28-29ի վերջին ժողովին ճշդեցինք մեր նախկին ժողովներու ընթացքին բիւրեղացած Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի գումարման թուականը, օրակարգը եւ ժամանակացոյցը։

Ժողովրդավար հոգեւոր եւ աշխարհիկ կազմակերպութիւններ ունին իրենց առաքելութիւնը սահմանող օրէնքներ, ուր նաեւ ժողովական կեանքը յստակօրէն բանաձեւուած է։ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Ս. Աթոռները եւս՝ Ս. Էջմիածնի ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւնը ունին իրենց կանոնագրութիւնները, որոնց համաձայն կը վարեն իրենց կեանքն ու աշխատանքը։ Հայ Եկեղեցին, սկզբունքով, հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ կազմուած մէկ մարմին ըլլալով, նաեւ իր վարչական կազմով, ժողովականութեամբ եւ գործելակերպով այս միութիւնը կը ցոլացնէ։ Հայ եկեղեցին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ամենէն ժողովրդավարն ու ժողովավարը եղած է եւ այդպէ՛ս ալ պէտք է մնայ։

Աստուծոյ կամքով, հայ եկեղեցւոյ այս պատմական Եպիսկոպոսաց ժողովը կը գումարուի Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ, 2013 Սեպտեմբեր 24-27ին, Ս. Էջմիածնի մէջ։ Անհրաժեշտ կը նկատեմ երկու հիմնական կէտեր ընդգծել. Առաջին, Եպիսկոպոսաց Ժողովը մնայուն կառոյց չէ. ան անհրաժեշտութեան պարագային կը գումարուի։ Երկրորդ, Եպիսկոպոսաց Ժողովը վարչական հարցերով զբաղելու իրաւասութիւն չունի, այլ, ինչպէս յիշեցի, միայն աստուածաբանական, դաւանաբանական, ծիսական, եկեղեցաբանական ու ընկերա-բարոյական հարցեր կը քննարկէ ու կը յղէ Վեհափառ հայրապետներուն առ ի պատշաճ տնօրինութիւն։

Հայ եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն մասնակցութեամբ Եպիսկոպոսաց Ժողով գումարելու գաղափարը ինչպէ՞ս ծագեցաւ եւ Եպիսկոպոսաց Ժողովին օրակարգը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ 

Գիտէք, թէ 1441էն ի վեր հայ եկեղեցին ունի երկու Կաթողիկոսութիւններ եւ Ամենայն Հայոց կաթողի- կոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ միշտ յարաբերութիւններ պահուած են ու ժողովական հանդիպումներ տեղի ունեցած։ Հայ եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան առաւել ծաղկման ու ներքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման առաջադրանքով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս եպիսկոպոսներէ եւ չորս աշխարհականներէ բաղկացած երկու պատուիրակութիւններ խորհրդակցական ժողով մը գումարեցին ու ընդհանուր ուղեգիծ ճշդեցին «Հայ Եկեղեցւոյ Վերանորոգութեան Հրամայականը» թեման եւ համապատասխան օրակարգի նախագիծ պատրաստեցին։ Այս ժողովէն բխե- ցաւ յանձնախմբային աշխատանքով Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նախաձեռնելու գաղափարը եւ կազմուեցան Սրբադասման Յանձնախումբն ու Ծիսական Յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբերը  մինչեւ այսօր Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի մէջ կը հանդիպին, կանոնաւորաբար կը տեղեկագրեն Վեհափառ հայրապետներուն, կը ստանան անոնց հայրական յանձնարարութիւնները եւ ըստ այնմ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը։