Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ մշակոյթը որբացաւ

Երէկ՝ Սեպտեմբեր 26-ին մահացաւ հայ անուանի դերասան, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Սօս Սարգսեանը։

1991ին ան հիմնադրեց Համազգայինի թատրոնը։ Դերասան էր, թատերական եւ շարժապատկերի խորհուրդներու անդամ եւ նախագահ։ Մասնակցած էր 40է աւելի ժապաւէններու նկարահանումներու։

Սօս Սարգսեանի թաղման արարողութեան կապակցութեամբ, ՀՀ վարչապետի գլխաւորութեամբ, պիտի ստեղծուի կառավարական յանձնաժողով, պատշաճ դասաւորումները լրիւ կատարելու համար: