Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Իր յաջող աւարտին հասաւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի պետ Միխայիլ Գոսթարաքոսի այցելութիւնը Հայաստան։ Յունաստանի բարձրապաշտօն զօրավարը հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Եուրի Խաչատուրովի հետ։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, ուր յոյն զօրավարը ընդունուեցաւ զինուորական ֆանֆարի կողմէ, որ ի պատիւ յունական պատուիրակութեան նուագեց հանրածանօթ «սիրթաքի» եղանակը։

Հանդիպումը շարունակուեցաւ հայկական եւ յունական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած հանդիպումով։

Յոյն զօրավարին կþընկերանար 10անդամ պատուիրակութիւն, բաղկացած 2 ծովակալ եւ 2 զօրավարէ, ինչպէս նաեւ այլ սպաներէ:

Պաշտօնական հանդիպումներուն եւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական երկկողմ ռազմական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշըրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Հանդիպման աւարտին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ ՀԱՊԳՇ արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար, բրիգադի գեներալ Ալեքսանտրոս   Տիաքոփուլոսի կողմէ ստորագրուեցաւ երկու նախարարութիւններու միջեւ ռազմական համագործակցութեան 2014 թուականի ծրագիրը, ուր ընդգրկուած են տասէ աւելի դասընթացքներ, անհատական եւ ստորաբաժանումներու կազմով վարժանքներ եւ փորձառութեան փոխանակման ուղղուած միջոցառումներ Յունաստանի եւ Հայաստանի մէջ:

Լրագրողներուն խօսելով յոյն զօրավարը իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստան իր այցելութեան կապակցութեամբ, նշելով թէ խորապէս պատուուած կը զգայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընդունելութենէն։ Խօսելով երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մասին, զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոս ըսած է, թէ յաճախակի են երկու կողմերու բարձրապաշտօն հանդիպումները, ինչ որ ցոյց կուտայ փոխ գործակցութեան բարձր մակարդակը եւ կþընդգծէ կապերու ռազմավարական բնոյթը։

«Այսօր առիթը ունեցանք ստորագրելու Ռազմական համագործակցութեան 2014ի ծրագիրը, որ կարեւոր եւ երկուստեք օգտակար ծրագիրներ կ'ընդգրկէ։ Կը հաւատամ թէ մեր խօսակցութիւններու արդիւնքները նոր թափ պիտի տան Զինուորական մեր ուժերուն միջեւ արդէն բացառիկ լաւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։

Յաւելեալ կ'ուզեմ ընդգծել, թէ Յունաստանի Զինուորական Ուժերը չեն բաւարարուիր ազգային իրենց պարտականութիւններով, այլ արտաքին յարաբերութիւններով կը յատկանշուին, մասնակցելով աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը ապահովելու միջազգային համայնքին կողմէ տարուած ջանքերուն, հոն, ուր դժբախտաբար կը յամենան խաղաղ գոյակցութեան հարցերը»։

Հետաքրքրական անակնկալ մըն ալ վերապահուած էր յունական պատուիրակութեան համար, երբ պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ զինուորական երգչախումբը, յունարէնով մեկնաբանելով «Ի Էլատա փոթէ տէն փեթենի» յաղթերգը եւ արժանանալով հիւրերու գնահատանքին:

Հանդիպումներէն ետք զօրավար Գոսթարաքոսի պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդ բարձրացաւ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ: Անոնք առիթը ունեցան այցելելու նաեւ թանգարանը։