Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ոչ թէ մենք կորսնցուցինք Հայաստանը, այլ Հայաստանը կորսնցուց իր եւրոպական հեռանկարը», «Ազատութիւն» կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ եւ Եւրոպայի ժողովրդային կուսակցութեան փոխ նախագահ Էլմար Պրոք, աւելցնելով, որ

Հայաստան «այդ կորուստը կրեց Ռուսիոյ կողմէ հաւանական մեծ ճնշումի պատճառով, որ ապահովական հարցերու կապուած ճնշում էր, ինչ որ ուղղակի անընդունելի է»:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին, Եւրոպական խորհըրդարանը քննարկեց Եւրոմիութեան Հարեւանութեան ծրագիրի քաղաքականութեան առաջընթացի զեկոյցը: Հայաստանին վերաբերող գլուխը պէտք է վերանայուի՝ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումէն ետք: