Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սեպտեմբեր 25-ին Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոն այցելեզ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ թանգարան:

Գանատայի Ազատական կուսակցութեան անդամ Սթեֆան Տիոն 2004-ի Ապրիլ 21-ի Գանատայի խորհրդարանի պատմական նիստին կողմ քուէարկած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանցչող M-380 բանաձեւին:

«Արցախի մէջ հանդիպեցայ շատ քաջարի ժողովուրդի, որ կը փափաքի խաղաղութեան մէջ ապրիլ: Ուրեմն Գանատան պէտք է այդ խաղաղութեան հաստատաման օգնէ: Շատ յուզուած եմ՝ այսօր նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ ըլլալով: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ այլեւս Ցեղասպանութիւններ տեղի չունենան: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է միշտ յիշել, թէ ինչ պատահած է 20-րդ դարու սկիզբը: Գանատայի հայ համայնքը շատ  օգնած է մեր երկրին, եւ յոյսով եմ, որ Գանատան ալ օգտակար կ’ըլլայ հայերուն»,- ըսաւ Տիոն։

Տիոնի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ այցելութիւնը կազմակերպած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանատան եւ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան հետ միասին։

Ընդունելութիւն՝
Սփիւռքի Նախարարին մօտ

24 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Սթեֆան Տիոնը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Հանդիպման ընթացքին զրոյցի առիթ տրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ աշխատանքներուն շուրջ: