Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայաստանի եւ Յունաստանի համագործակցութիւնը ռազմավարական բնոյթ եւ պատմական հիմք ունի» կ'ըսէ զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոս

Հայաստան եւ Յունաստան ստորագրեցին 2014 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը նախատեսէ փոխ գործակցութիւն ուսումնական, վարժական եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ:

Հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը ստորագրուեցաւ Երեւանի մէջ, Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոսի պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս։

Յոյն զօրավարը երէկ առաւօտեան ընդունուեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որ ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը ըսաւ թէ «երկու երկիրներու միջեւ անցած տարիներուն ձեւաւորուեցաւ բարձր մակարդակի քաղաքական աշխուժ երկխօսութիւն եւ սերտ փոխ գործակցութիւն ռազմական բնագաւառէն ներս»:

Հանդիպում Ե. Խաչատուրովի հետ

Կէսօրին, պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս կայացաւ Միխայիլ Գոսթարաքոսի հանդիպումը Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի հետ: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած բանակցութիւններէն յետոյ ստորագրուեցաւ յաջորդ տարուայ ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը:

Իր խօսքին մէջ ներկայացնելով համագործակցութեան մարզերը՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը նշեց, թէ 2014 թուականի փոխ գործակցութիւնը կը նախատեսէ տասը միջոցառումներ՝ առանց սակայն մանրամասնելու թէ ինչպիսի միջոցառումներու մասին է խօսքը։

Իր կարգին, զօրավար Գոսթարաքոս ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի համագործակցութիւնը ունի ռազմավարական բնոյթ: «Այդ համագործակցութեան հիմքերը պատմական են, երբ մեր երկու ազգերը սերտ կապեր ունեցած են» ըսաւ ան։

Նշենք, թէ Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան շտապի պետի պատուիրակութեան կ"ընկերանայ Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանը։

Հանդիպումներէն ետք, պատուիրակութիւնը առաջնորդուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի մօտ։