Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ. Դաշնակցութեան մշակած ծրագիրի աւելի քան 100 էջերու մէջ կը գտնուին յստակ ձեւակերպումները որ արտագաղթի երեւոյթին կը վերաբերին:

Որպէսզի անոնք աւելի մասնագիտական դառնան՝ ծրագիրին առաջին քննարկումները կը կատարուին այդ մարդոց հետ, որոնք կը վերլուծեն Հայաստանի ընկերաբանական պատկերը: Ընկերաբաններու, հոգեբաններու եւ ազգագրագէտներու վերլուծութիւն-հրապարակումներն ալ ծրագիրին մէջ տեղ գտած են:

Ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեան ըստ ՄԱԿ-ի վերլուծութեան, կ'ըսէ թէ դարավերջին Հայաստանի մէջ պիտի ապրին մէկուկէս միլիոն բնակիչներ: Այդ առումով Ադիբեկեան Դաշնակցութեան մշակած ծրագիրը օրակարգային կը նկատէ:

«Ծրագիրը շատ յաւակնոտ է, քանի որ ուղղուած է ամբողջ երկրին բարեփոխման, քանի որ կը սկսի վերին օղակէն մինչեւ քաղաքացի, գործարարական մարզը: Կը վերաբերի ամբողջ ազգին վերէն վար եւ բոլոր մարզերուն՝ դատական, իրաւական, գործարարական, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքացիական պարտքին կատարման» կ'ըսէ ան:

«Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» ծրագիրը մասնագիտական քննարկում- ներէ պիտի անցնի տարբեր շրջանակներու մէջ, որպէսզի դառնայ իրապէս ազգային ծրագիր:

Ծրագիրը նպատակ ունի ոչ միայն արտագաղթը կասեցնելու, այլեւ ներգաղթը խթանելու: Ծրագիրին 11 ուղղութիւնները պիտի իրականացուին 95 գործողութիւններով: