ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկու օր առաջ Սոչիի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի սեղմ կազմով հանդիպումին մասնակցեցաւ, ուր իր ելոյթին մէջ քննադատեց ՀԱՊԿ անդամ որոշ երկիրներ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ իրենց կատարած յայտարարութիւններուն համար:
«Մեր փաստաթղթերում, այդ թւում՝ անցեալ տարի Դեկտեմբերին ընդունուած մոսկովեան յայտարարութեան մէջ, ընդգծուել էր ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու կարեւորութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների միջնորդութեամբ ՄԱԿի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների հիման վրայ, որոնք, մասնաւորապէս վերաբերում են ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառմանը, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեանը եւ ինքնորոշմանը, եւ տարածքային ամբողջականութեանը: Համանման դրոյթ է ամրագրուած նաեւ համատեղ հրամաններում: Սակայն, ի հակադրութիւն մեր իսկ կողմից ընդունուած որոշումների, որոշ անդամ պետութիւններ այլ հարթակներում եւ ուրիշ կազմակերպութիւններում նոյն հարցի կապակցութեամբ ընդունում են յայտարարութիւններ, որոնք աններդաշնակ են ՀԱՊԿ շրջանակներում ընդունուած որոշումներին: Վերջին տարիներին փաստաթղթեր են ընդունուել, այդ թւում՝ նախագահական մակարդակով, որոնցում ադրբեջանական կողմի մատուցմամբ ընտրողաբար, ի վնաս միւս սկզբունքների, առանձնանում է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը», ըսած է Հայաստանի նախագահը:
«Բնականաբար, շատ երկրներ Ադրբեջանի հետ կապուած իրենց շահերն ունեն: Բայց, մենք ոչ մի կերպ չենք կարող համաձայնել, երբ այդ յարաբերութիւնները բերում են այնպիսի փաստաթղթերի ընդունմանը, որոնք ուղղուած են ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնների շահերի եւ, ընդհանուր առմամբ, Կազմակերպութեան հեղինակութեան դէմ: Այս թեման յատկապէս արդիական է Ադրբեջանի նախագահի հայատեաց հռետորաբանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ ուժի կիրառման մշտապէս հնչեցուող սպառնալիքների ֆոնին», դիտել տուած է Սերժ Սարգսեան:
Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ սուրիական հակամարտութեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը, ըլլալով աշխարհագրականօրէն Սուրիոյ ամէնէն մօտիկ գտնուող ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնը եւ Սուրիոյ մէջ ունենալով բազմահազար հաշուող համայնք, աւելի շեշտուած կերպով կը զգայ բոլոր արկածախնդրութիւնները եւ սպառ- նալիքները՝ ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան տակ գտնուող Կովկասեան տարածաշրջանի անվտանգութեան համար:
«Մենք Սիրիայում հակամարտութեան առաջին իսկ օրերից հանդէս էինք գալիս դրա շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման օգտին՝ համազգային երկխօսութեան հիման վրայ: Այդ կապակցութեամբ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ Սիրիայի հետ հարեւան պետութիւնների դերը, պէտք է կայանար հէնց այդ երկխօսութեան աջակցութեան մէջ՝ հաշուի առնելով հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերի շահերը: Այս համատեքստում մենք միանշանակ ողջունում ենք ռուս-ամերիկեան պայմանաւորուածութիւնները սիրիական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
Տեսակցութիւն Պելոռուսի նախագահ
Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ
Սոչիի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Սեպտեմբերին՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհուրդի հերթական նստաշրջանի հանդիպումէն առաջ, տեսակցութիւն ունեցած է Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով փոխ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Երկուստեք ընդգծած են, որ բարձր մակարդակի յաճախակի հանդիպումները, երկու երկիրներու տարբեր նախարարութիւններուն միջեւ աշխոյժ համագործակցութիւնը մե- ծապէս կը նպաստեն միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգի հարստացման՝ փոխշահաւէտ բազմակողմանի ուղղութիւններով:
Երկու նախագահները գոհունակութեամբ նշած են, որ քանի մը ամիս առաջ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէկ մասը արդէն իրականացուած է, իսկ մնացեալը իրագործման ընթացքի մէջ է:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք միութեան անդամ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարին: Կողմերը քննարկած են նաեւ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան գծով Պելոռուսի աջակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահները հայ-պելոռուսական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս շատ կարեւոր նկատած են Պելոռուսի հայ համայնքին դերը: