Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- 2013ի Յունուար-Յունիսին Հայաստան այցելած են 321,279 զբօսաշրջիկներ, որոնք 14.3 տոկոսով աւելի են նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի այցելուներուն թիւէն:

Նոյն ամիսներուն զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 343,263 մարդ կամ նախորդ տարուան բաղդատելով՝ 13.6 տոկոսով աւելի. այս տուեալները փոխանցուած են Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն:

Ըստ պանդոկային տնտեսութիւններէն ստացուած հաշուետուութիւններուն, 2013ի Յունուար-Յունիսին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 29.7 տոկոսը եկած է ԱՊՀ երկիրներէն: Մեծ թիւ կը կազմեն Ռուսիայէն եկողները՝ 23.7 տոկոս, նաեւ Ուքրանիայէն՝ 2.8 տոկոս: Եւրոպական Միութեան երկիրներէն եկած զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 36.3 տոկոս: Այստեղ մեծ է Ֆրանսայէն (8.7 տոկոս), Գերմանիայէն (6.6 տոկոս), Իտալիայէն (6.3 տոկոս), Բրիտանիայէն (3.1 տոկոս), Հոլանտայէն (1 տոկոս) ժամանած հիւրերուն տոկոսը: Զբօսաշրջիկներուն 34 տոկոսը եկած է այլ երկիրներէ: Այս խումբին մէջ գերակշռող են Միացեալ Նահանգներէն (11.8 տոկոս), Իրանէն (6 տոկոս), Վրաստանէն (3 տոկոս), Քանատայէն (1.1 տոկոս), Թուրքիայէն (0.7 տոկոս) եկած զբօսաշրջիկները:

Այս տարի օտար զբօսաշրջիկները հիւրընկալուած են Հայաստանի 66 պանդոկներու կողմէ, մինչ նախորդ տարի անոնց թիւը 48 էր։

Պէտք է նշել, որ այս տարուան Յունուար-Յունիսի դրութեամբ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ մնացած են միջին հաշուով 26 օր եւ ամէն օր ծախսած են միջինը 115 տոլար։