Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ԳՐԱՏԱՐԱԾ

 Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, գործակցաբար Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան հետ, 22 Հոկտեմբերէն 2 Նոյեմբեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպէ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէս - վաճառք:

Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հայաստանեան հրատարակչատուներ եւ հայրենի անհատ հրատարակիչներ:

Այս ցուցահանդէսին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողքին պիտի մասնակցին նաեւ լիբանանահայ այլ հրատարակչատուներ:

Ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի պիտի ունենան շնորհահանդէսներ եւ գրական երեկոներ: Այն հրատարակչատուները եւ հրատարակիչները, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ այս ցուցահանդէսին, յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ պայմաններու ծանօթացման համար կրնան կապ հաստատել Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն   հեռ: 01-241262/3/4: Մասնակցութեան արձանագրութեան ժամկէտ ճշդուած է 4 Հոկտեմբերը:

Յայտնենք, որ մանկապատանեկան հրատարակութիւններու ցուցահանդէս-վաճառքը նախատեսուած է կայացնել յառաջիկայ տարուան՝ 2014-ի Փետրուար- Մարտ ամիսներուն: Այդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային:

Վստահ ենք, որ հայրենի, լիբանանահայ եւ սփիւռքի զանազան շրջաններու հրատարակչատուներու եւ հրատարակիչներու մասնակցութեամբ, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ 22 Հոկտեմբերէն 2 Նոյեմբեր տեղի ունենալիք համահայկական այս ցուցահանդէսը պիտի արժանանայ մեր գաղութի մտաւորականներու, գրասէրներու, կրթական հաստատութիւններու եւ միութիւններու ամբողջական զօրակցութեան:

Բարի վայելում կը մաղթենք բոլորին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ