Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանն ու միութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Լիլիթ Գալստեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայապահպանութեան, կրթութեան, մշակութային հիմնախնդիրներու առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մշակութային միացեալ նախաձեռնութիւններ իրականացնելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն հիմնախնդիրները:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրերուն ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները, սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած գիրքերը, քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերեալ այլ հարցեր։