Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Պաշտպանութեան բանակին տուեալներուն համաձայն, 8-14 Սեպտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին ղարաբաղեան եւ ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է

շուրջ 250 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1500 կրակոց:

Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ձեռնարկած են համարժէք պատասխան գործողութիւններու, որոնց իբրեւ արդիւնք հակառակորդին դրսեւորած աշխուժութիւնը կասեցուած է:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Զինուած ուժերուն հետ սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճան 2012 թուականի Դեկտեմբերին զինադադարի դրութիւնը խախտած է 914 անգամ, Նոյեմբերին՝ շուրջ 1000 անգամ, Հոկտեմբերին՝ 1050, Սեպտեմբերին՝ 1185, Օգոստոսին՝ 1161, Յուլիսին՝ աւելի քան 1300, Յունիսին՝ 3750, իսկ Մայիսին՝ 1300 անգամ:

Հակառակորդին կողմէ զի- նադադարի դրութեան խախ- տումը յատկապէս կ՛աշխուժանայ պետական մակարդակով նախաձեռնութիւններուն, տօ- նական օրերուն ու անոնց նախորդող հանգրուանին։