Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր կը մեկնի Վարշաւա, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ:

18-20 Սեպտեմբերին նախարար Նալբանդեան պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմ. այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ: Նախատեսուած է նաեւ Էդուարդ Նալբանդեանի դասախօսութիւնը Միջազգային յարաբերութիւններու իտալական հիմնարկին մէջ:

19 Սեպտեմբերին Է. Նալբանդեան պիտի մասնակցի Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդիպում պիտի ունենայ Ս. աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով քարտու- ղար Տոմինիք Մամպերթիի հետ: