Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցնող շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումը:

Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Սեպտեմբեր 13-ի ոչ պաշտօնական հանդիպումէն, անոր յաջորդող մամուլի ասուլիսէն, ինչպէս նաեւ այդ ծիրէն ներս կրթութեան նախարարներու հետ հանդիպումէն ետք՝ ԵՄ ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ հանդիպած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին:

Նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու եւ հետագայ գործակցութեան վերաբերեալ: Քննարկուած են մինչ այս երկկողմ ջանքերու իբրեւ արդիւնք արձանագրուած ձեռքբերումներուն հիման վրայ յարաբերութիւնները կառուցելու եւ յետագայ գործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Վիլնիւսի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ գագաթնաժողովին ընդառաջ օրակարգային ու նախապատրաստական աշխատանքները: