Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 11 Սեպտեմբերին առանձնաբար ընդունած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նորանշանակ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը։
Նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Ուորլիքը՝ նշանակման առնչութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթած է անոր՝ մեծ կարեւորութիւն ունեցող առաքելութեան իրականացման մէջ: Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն միջնորդական ջանքերը՝ հիմնախնդիրին բացառապէս խաղաղ ուղիով եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներով ու սկզբունքներով լուծելու առնչուող: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակին եւ բանակցութիւններու հեռանկարին:
Ճ. Ուորլիք նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ուղերձը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեան իր կարգին դիտել տուած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներուն եւ միւս համանախագահներուն՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միացեալ, հետեւողական միջնորդական ջանքերը՝ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գծով: Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ դեսպան Ուորլիքի դիւանագիտական մեծ փորձառութիւնը եւ մասնագիտական պատրաստուածութիւնը պիտի ծառայեն այդ նպատակին:
Ճէյմզ Ուորլիք հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ կարելին ընել՝ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման նպատակով: Է. Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայաստան համանախագահ երկիրներուն հետ միասնական եւ վճռական է՝ հասնելու հիմնախնդիրի խաղաղ ճամբով լուծման՝ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած մէկ ամբողջութիւն կազմող սկզբունքներուն եւ տարրերուն հիման վրայ:
Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Ուորլիք հանգամանօրէն անդրադարձած են բանակցային գործընթացին առնչուող հարցերուն:
Սէյրան Օհանեան Ու Ճէյմզ Ուորլիք
Քննարկած Են ԼՂ Հակամարտութեան Առնչուող Հարցեր
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Ճէյմզ Ուորլիքը։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը: Կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացին ընթացքին եւ հակամարտող երկիրներու սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են զինադադարի դրութեան պահպանման, սահմանագիծին վրայ լարուածութեան նուազեցման, հակամարտող կողմերուն միջեւ փոխ վստահութեան ամրապնդման քայլերը կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը: