Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանձնախումբը մշակած է արտագաղթի կասեցման ծրագիր, որ կը կոչուի՝ «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում»: Անիկա ունի 11 յստակ ուղղութիւն եւ կը ներառէ շուրջ 95 յստակ գործողութիւն, ինչպէս նաեւ կարճաժամկէտ,
միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ փուլեր: Այս մասին կը հաղորդէ tert.am-ը:
Ծրագիրին մէջ կան խիստ ուրոյն լուծումներ: Մասնաւորապէս, արտագաղթի կասեցման ծիրին մէջ կ’առաջարկուի վերանայիլ իրականացուող մարդուժի քաղաքականութիւնը: Օրինակ՝ կ’առաջարկուի պաշտօններէն անմիջապէս ազատել մարդոց, որոնք իրենց հակահասարկական, հակապետական, հակաքրիստոնէական վարքուբարքով պետութեան անունով կ’իրականացնեն որոշ գործառոյթներ, քանի որ անոնց գործունէութեան իբրեւ արդիւնք է, որ մարդոց մօտ կը յառաջանայ հիասթափութեան զգացում:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ արտագաղթը իր ահագնացող չափերով այլեւս ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է:
«Երրորդ Հանրապետութեան ողջ ժամանակահատուածից սկսած մինչ այս պահը, ինչպէս ցոյց են տալիս տարբեր վերլուծութիւններն ու սոցիոլոգական հետազօտութիւնները, Հայաստանը կորցրել է իր բնակչութեան մէկ երրորդից աւելին: Այլ կերպ ասած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ ԼՂՀ-ում բնակչութեան ժողովրդագրական զարգացումները բերել, կանգնեցրել են անկախ պետականութեան կորստի հնարաւորութեան առաջ»,- ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորի՝ փոփոխուած է նաեւ արտագաղթի որակական կազմը: Եւ եթէ նախապէս հիմնական արտագաղթողներուն մեծ մասը կը պատճառաբանէր աշխատանք եւ բաւարար չվարձատրուելու հանգամանքով, հիմա, սակայն, անոր աւելի մեծ թափ կը հաղորդէ անարդարութեան եւ ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնը:
«Եւ որ ամենասպառնալիցն է, դրանում մեծ մաս է կազմում երիտասարդութիւնը, ինչը փաստացի վերարտադրութեան ռեսուրսի նուազեցում է: Սա նաեւ ձեւաւորել է արտագաղթի այսպէս ասած՝ ցանցային համակարգի ձեւաւորումը, երբ գնացողն իր հետ է տանում հարեւանին, բարեկամին, անգամ եթէ նրանք էստեղ աւելի բարեկեցիկ վիճակում են»,- ըսած է Արծուիկ Մինասեանը՝ նշելով, որ արտագաղթի նուազեցման ծրագիրի ամենակարեւորը քաղաքական եւ հասարակական ողջ միջոցներու զօրաշարժն է:
Այդ նպատակով Դաշնակցութիւնը Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն կը նախատեսէ քննարկումներ իշխանութիւններու եւ քաղաքական ուժերու եւ հասարակական տարբեր հատուածները ներկայացնող ուժերու հետ: Քննարկումներուն պիտի փորձեն ներգրաւուիլ նաեւ Եկեղեցիին, Սփիւռքի ազդեցիկ հատուածներուն եւ գործիչ- ներուն, որպէսզի մշակուի վերջնական գործողութիւններու ծրագիրը:
Ի պատասխան հարցի, թէ այդ 95 յստակ գործողութիւնները, բնականաբար, կը պահանջեն նիւթական ահռելի միջոցներ, Արծուիկ Մինասեանը նկատած է,- «Ոչ միայն պահանջում են, այլեւ աւելի մեծ միջոցներ են պահանջում, քան որեւէ մէկը կարող է մտածել, որ դրանց կը բաւարարի միայն պետական բիւջէն: Ո՛չ, պետական բիւջէն բաւարար չէ, եւ դրա համար էլ նախատեսւում են այսպէս ասած՝ հանրային ֆոնդեր: Ինչպիսին օրինակ՝ նոյն վերաբնակեցման գաղափարն է թէ՛ սահմանամերձ եւ թէ՛ ազատագրուած տարածքներում»:
ՀՅԴ պատգամաւորը նկատած է, որ պէտք է փոխուի ծնելիութեան խրախուսման ուղղուած ողջ քաղաքականութիւնը, որուն համար եւս անհրաժեշտ են նիւթական միջոցներ:
«Բայց առաւելապէս մինչեւ ֆինանսական ռեսուրսներին հասնելը պէտք է հասնել նրան, որ ծրագիրը ընկալելի դառնա բոլորին: Եւ իշխանութիւնների կամքն այստեղ խիստ կարեւոր է»,- ըսած է Արծուիկ Մինասեանը:
Ի պատասխան, այն հարցին, թէ որո՞նք են դատաւորները, որ օրինակ՝ մարդուժի քաղաքականութեան մէջ պէտք է որոշեն, որ այսինչ պաշտօնեան կ’իրականացնէ հակապետական, հակահասարակական, հակաքրիստոնէական գործունէութիւն, Արծուիկ Մինասեան ըսած է,- «Դատաւորը իշխանութեան եւ հասարակութեան ակտիւ զանգուածն է, եթէ իշխանութիւնն այնքան կամք ունենա եւ կարողանայ ասել, որ օրինակ՝ այսինչ պաշտօնատար անձն իսկապէս իր վարքագծով չի ապահովում պետութեան զարգացումը: Ես միտումնաւոր անուններ չեմ տալիս, որպէսզի նոր հակադրութիւնների տեղիք չտամ, որովհետեւ եթէ ես հիմա անուն հրապարակեմ, ապա հնարաւոր է՝ իշխանութիւնը չգնայ այդ քայլին»:
Արծուիկ Մինասեանը նկատած է, որ պէտք է փոխուի երկրի քաղաքական-հասարակական իրադարձութիւններու ներկայացումը նշելով,- «Այսօր մենք ունենք երկու հակադիր մօտեցում. մի կողմից ամէն ինչ բացասական ներկայացնելն է, միւս կողմից՝ «ամեն ինչ լաւ է, դրական է, աչք ունեցողը կը տեսնի» քաղաքականութեան դրսեւորումն է: Սրանք երկու ծայրայեղութիւններ են, որոնք բերում են հասարակութեան մէջ հիասթափութեան աւելացմանը, սոցի-ալական դեգրադացիայի: Եւ պատահական չէ, որ հեռացողների մի զգալի հատուած պատասխանում է, որ ՀՀ-ում իրենց ապագան չեն տեսնում»:
Ասիկա, ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ կը նշանակէ, որ փոփոխութիւններու եւ հրապարակային քարոզչութեան անհրաժեշտութիւն ունի նաեւ տեղեկատուական համակարգը:
«Այնքան, որքան հակահայաստանեան քարոզչութիւն է իրականացւում, նոյնքան էլ կամ դրանից աւելի ներքին քարոզչութիւն հակապետական ընթացք է ստանում մեր երկրի ներսում»,- նկատած է ընդդիմադիր պատգամաւորը եւ աւելցուցած- «իշխանութիւններին քննադատելը չպէտք է ընկալուի որպէս երկրին ու պետութեանը ուղղուած քննադատութիւն: Սա փոխադարձ ընկալելի պէտք է լինի թէ՛ քննադատողների եւ թէ՛ քննադատուողների համար: Եւ քննադատողներն էլ չպէտք է այնքան հեռուն գնան, որ իշխանութիւններին քննադատելու փոխարէն սկսեն երկիրը փնովել»:
Բնականաբար, ծրագրին մէջ կան հարկային, մաքսային, առողջապահական, բանակին վերաբերող կարգաւորումներ: Ի պատասխան հարցին, թէ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ իշխող մեծամասնութիւնը զայն կեանքի պիտի կոչէ, այսինքն՝ կա՞յ այս մասին քաղաքական համաձայնութիւն, դաշնակցական պատգամաւորը ըսած է, որ ոչ, թէեւ շատ պիտի ուզէի քաղաքական հա- մաձայնութիւն ձեռք բերել քննարկումներու փուլի մէջ:
Իսկ եթէ իշխանութիւնը հրաժարի ծրագիրը իրագործելէն, ուստի, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, պէտք է յաջողին հանրութիւնը համախմբել ծրագիրին շուրջ՝ «ընդհուպ մինչեւ իշխանափոխութեան միջոցով վերացնելու այդ խոչընդոտը»: