ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ Բարերար Վահագն Յովնանեանի հրաւէրով Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այցելած է Վահագնի թաղամաս: Մանրակերտի եւ նախագիծերու վրայ հոն քաղաքապետին ներկայացուած է «Հայաստան սքանչավայր» ծրագիրը, որ կեանքի պիտի կոչուի «Վահագնի» թաղամասին մէջ:
Շուրջ 75 հազար քառմ. տարածքի վրայ նախատեսուած է կառուցել Արեւմտեան Հայաստանի մանրակերտը, որ պիտի ընդգրկէ պատմական Մեծ Հայքը, Փոքր Հայքը, ներկայի Հայաստանն ու Արցախը: Ծրագիրի ղեկավարին համաձայն, բացօթեայ մանրակերտ զբօսայգիին մէջ պիտի ցուցադրուին մանրակերտ շէնքեր, պալատներ, բերդեր, եկեղեցիներ եւ պատմական այլ յիշարժան ու կարեւոր կառոյցներ: Աշխարհի մէջ շուրջ 100 նմանատիպ ծրագիրներ կեանքի կոչուած են, սակայն, ըստ ծրագիրի հեղինակներուն՝ անոնցմէ միայն մէկ տասնեակը ազգային բնոյթ կը կրեն:
Երեւանի մէջ իրականացուող ծրագիրը, անոնց համաձայն, պիտի համալրուի այդ տասնեակ շարքով: Հանդիպման ընթացքին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուած է նաեւ թաղամասի կառուցապատման շարունակականութեան եւ ընդլայնման ծրագիրը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան համար՝ քաղաքապետը նշած է, որ գաղափարը իսկապէս հետաքրքրական է, պատմական ու ճանաչողական: Ան դիտել տուած է, որ քաղաքապետարանը իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ պատրաստակամ է աջակցելու, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ ծրագիրը կեանքի կոչուի: Վահագն Յովնանեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետին՝ համագործակցութեան ու մնայուն աջակցութեան համար: Բարերար Վահագն Յովնանեանի ուղեկցութեամբ քաղաքապետը շրջած է նաեւ թաղամասին մէջ։