Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին հաւանական նկատեց Հայաստանի հետագայ համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ՝ հակառակ Մաքսային միութեան միանալու պաշտօնական Երեւանի մտադրութեան:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստան կարելիութիւն պիտի ունենա՞յ Նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ նախաստորագրելու Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, Նալբանդեան յայտարարեց, որ «մենք յստակօրէն արտայայտուած ենք, եւ անոր մասին ես ըսած եմ նաեւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպմանս ժամանակ, եւ դուք գիտէք, որ Լիթուանիա այսօր կը գլխաւորէ Եւրոպական Միութիւնը: Ֆիւլէի հետ մեր հանդիպումէն ետք, մենք հրապարակեցինք Հայաստանի կողմէ արտայայտուած ցանկութիւնը՝ կարելի բոլոր ձեւաչափերով եւ ըստ կարելւոյն սերտ եւ խոր համագործակցութիւն ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ եւ շարունակել առաջ տանիլ մեր յարաբերութիւնները՝ հիմնուելով վերջերս Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ արձանագրուած դրական կէտերուն վրայ եւ բոլոր կարելի ուղղութիւններով, որոնք կարելի պիտի ըլլան Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ որոնք չեն հակասեր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշման»:
Նալբանդեան անպատասխան ձգեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Հայաստան չորս տարի Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրին շուրջ բանակցելէ ետք՝ որոշեց Մաքսային միութեան անդամակցիլ:
Նախարար Նալբանդեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ պատգամաւորներուն հետ՝ դռնփակ նիստին ընթացքին պարզաբանումներ տալու Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցին շուրջ:
Ընդդիմադիր պատգամաւորներէն ոմանք, մասնաւորաբար Արմէն Ռուստամեան, Նիկոլ Փաշինեան եւ Ալեքսանտր Արզումանեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին դժգոհեցան, որ նախարարէն չեն ստացած ի- րենց հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները:
Ռուստամեանէն Երեք Հարցում՝ Նալբանդեանին
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշման վերաբերեալ երեք հարցումներ ուղղած է նախարարին: Առաջին հարցումը կը վերաբերէր Ղարաբաղի անվտանգութեան, որուն պատասխանելով նախարար Նալբանդեան վստահեցուց, որ Ղարաբաղ պիտի չտուժէ Մաքսային միութեան միանալու որոշումէն: Ռուստամեան աւելցուց, որ երկրորդ հարցումը Հայաստանի պարտաւորութիւններուն շուրջ էր: Նախարար Նալբանդեան այս ուղղութեամբ յայտնեց, որ պարտաւորութիւններ կան, եւ ծաւալը տարբեր է, բայց Արմէն Ռուստամեանին համար յստակ չդարձաւ, թէ արդեօք հաշուարկը կատարուա՞ծ է: Իսկ երրորդ հարցումը կը վերաբերէր անոր, թէ արդեօք Եւրասիական միութիւնը քաղաքական միաւոր դառնալու պարագային նորէն պիտի չստիպէ՞ վերատեսութեան ենթարկել Վիլնիուսի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը: