Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մոսկուայի մէջ երկկողմանի բանակցութիւններէ ետք.

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ամփոփելով երէկ Ռուսիոյ նախագահին Նովօ Օկարիովոյի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները, յայտարարեցին, որ մտադիր են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնել:

Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փութին բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին նշած է, որ այս տարուան մէջ ասիկա Սարգսեանի արդէն երկրորդ այցելութիւնն է:

Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աճը կը գերազանցէ 23 առ հարիւրը: Ըստ անոր, Ռուսիա Հայաստանի առաջին առեւտրատնտեսական գործընկերն է, եւ այդ միտումները կը շարունակուին:

Հայաստանի նախագահը իր կարգին շեշտեց, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դարաւոր աւանդութիւններու վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները հետագային եւս պիտի զարգանան փոխըմբռնման հունով՝ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման մասին համաձայնագիրին հիման վրայ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ այդ յարաբերութիւնները եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի անոնք զարգանան:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութեան՝ երկու նախագահները երէկ իրենց հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ յայտնած են, որ Հայաստան մտադիր է անդամակցիլ Մաքսային միութեան եւ մասնակցութիւն ունենալ Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման:

Նախագահ Սարգսեանի այս որոշումը Փութինի կողմէ հաւանութեան արժանացած է եւ վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ Հայաստանին այս գծով: Երկու երկիրները մտադիր են նաեւ զարգացնել համագործակցութիւնը ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին լրագրողներուն յայտնեց, որ Երեւանի մէջ հաւանաբար բացուին Մոսկուայի համալսարանի մասնաճիւղ եւ ռուսալեզու բարձրագոյն վարժարան: Ան նշեց, որ արդէն մեծ փորձառութիւն կայ՝ երկու երկիրներուն միջեւ կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առումով:

 

Եւրոպայի Կոպիտ Արձագանգը

Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչուս ԱՖՓ լրատու գործակալութեան ըսաւ, որ «Հայաստանը ընտրելով Ռուսիոյ հետ Մաքսային միութեան տարբերակը արգելակեց Եւրոպական Միութեան հետ Ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիր կնքելու կարելիութիւնը»: