Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին համար Ճոն Հեֆըրնի նշանակման հարցերով քուէարկութիւնները Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի պիտի ունենան այսօր:
Հաղորդելով այս լուրը՝ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը ամերիկահայերուն կոչ կ՛ուղղէ կապուելու իրենց օրէնսդիրներուն հետ եւ դէմ արտայայտուելու Ռիքարտոնէի հաստատման:
Յիշեցնենք, որ Ռիքարտոնէ յայտարարած է, որ մինչեւ 1915 գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցիներ, իսկ Հեֆըրն խուսափած է Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելէ: