ԵՐԵՒԱՆ.- Նոր ուսումնական տարեշրջանին առաջին դասարան պիտի յաճախեն շուրջ 39 հազար երեխաներ: Հայաստանի մէջ 2013-2014 տարեշրջանին իրենց դռները պիտի բանան 1400 դպրոց։
Առաջին դասարանցիներուն թիւը, նախորդ տարիներուն հետ բաղդատելով՝ աւելցած է, սակայն վերամուտին պիտի ըլլան դպրոցներ, որոնք առաջին դասարան յաճախողներ չունին։
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեանի համաձայն, դպրոցներուն մէջ նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ կարգ մը դասարաններ չամբողջանան, սակայն տակաւին այդ գծով տուեալներ չկան։
Այս տարի ամէնէն աւելի առաջին դասարանցիներ ունին Երեւանի Նիկոլ Աղբալեանի, Պուշկինի եւ Չեխովի անուան դպրոցները: