Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ի տնօրէն Ռուբէն Առաքելեան Tert.am լրատուական կայքէջին յայտնած է, որ կեդրոնը կը ծրագրէ ականազերծել նախկին Խորդային Միութիւն-Իրան եւ Խորհրդային Միութիւն-Թուրքիա պետական սահմանները,

որոնք խորհրդային տարիներուն ամբողջութեամբ ականապատուած են Խորհրդային Միութեան սահմանապահ ուժերուն կողմէ:

Ան աւելցուցած է, որ «ծրագիրներ կան, մենք հիմա կը կատարենք ճշգրտումներ, եւ աշխատանքները, ըստ ամենայնի, պիտի կատարենք»:

Ըստ Ռուբէն Առաքելեանի, ծրագիրին ֆինանսաւորումը պիտի կատարէ ՄԱԿ-ի Միջազգային զարգացման ծրագիրը: