Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ադրբեջանական կողմի սադրիչ գործողութիւններն անպատասխան չեն մնում», հաստատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող լարուած կացութիւնը:
Անդրադառնալով մամուլին մէջ, յատկապէս ատրպէյճանական, շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, թէ մահացած ատրպէյճանցի զինուորներ կան, Յովհաննիսեան ընդգծած է, որ չի կրնան այդ առնչութեամբ տուեալներ բերել:
«Չեմ կարող ադրբեջանական կողմի կորուստների վերաբերեալ կոնկրէտ թուեր նշել, սակայն որեւէ սադրանք անպատասխան չի մնում», հաստատած է Յովհաննիսեան՝ յայտնելով, որ ատրպէյճանական կողմը կրնայ խօսիլ իր կորուստներուն մասին:
Ընդգծենք, որ, ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, նախորդ օրերուն ատրպէյճանական կողմը տուած է 6-7 զոհ։