Հայաստանի ընդերքի հարստութիւնը‘ հանքավայրերու մէջ գտնուող հանածոներու արժէքը կը կազմէ աւելի քան 4 թրիլիոն տոլար: Այս մասին Օգոստոս 9-ինլրագրողներուն յայտնեց Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի տեսագիտութեան ինստիտուտի գլխաւոր մասնագէտ, երկրաբանական գիտութիւններու դոկտոր Հրաչեա Աւագեանը‘ այդպիսով յստակ պատասխան տալով այն տեսակէտին, թէ Հայաստանը բնական աղբիւրներէ զուրկ, աղքատ երկիր է: Ան յայտնեց, որ հաշուարկը կատարած է մետաղներու միջազգային շուկայական այսօրուան գիներու հիման վրայ: Օրինակ, ըստ Աւագեանի, Քաջարանի հանքավայրի վերջին ուսումնասիրութիւններուն իբր արդիւնք՝ ընդերքին մէջ յայտնաբերուած է սգանտիում (scandium), որուն մէկ թոնը կ’արժէ աւելի քան 5 միլիոն տոլար: Բացի այդ, նոյն հանքավայրին մէջ յայտնաբերուած են նաեւ թանկարժէք այլ հանածոներ, ինչպէս վանատիում, կապար, զինկ...
Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Աւագեանի, Հայաստանի հանքանիւթերէն ամենատարածուածը երկաթի հանքավայրն է, որոնք դեռ չեն շահագործուիր։ «Մենք ունենք երկաթաքարի վեց հանքավայր, դրանցից չորսն արդէն ուսումնասիրուել են, եւ դրանց արժէքը գնահատւում է աւելի քան 2,5 թրիլիոն տոլար», հաստատեց երկրաբանը՝ յիշելով ԱԺ պատգամաւոր Վարդան Այվազեանին, որուն երկաթի հանքավայրերը տրուեցան չինացիներուն:
Աւագեանի հաշուարկով Հայաստանի մէջ շահագործուող հանքավայրերէն ստացուող շահոյթի 20%-ն կը մտնէ պետական պիւտճէ, իսկ մնացեալ 80%-ը կը մնայ շահագործող օտարերկրեայ ընկերութիւններուն: Ըստ Աւագեանի, այդ գործելաձեւը սխալ է, պետութիւնը պէտք է ինք ստանձնէ այդ գործը: «Չի կարելի շահութաբեր ձեռնարկութիւնը տալ մասնաւորի ձեռքը: Դրանք պէտք է պետութիւնն ինքը շահագործի, որ ողջ շահոյթը մնայ ժողովրդին», - նկատեց ան:
Գիտնականը նաեւ պարզեց, որ ոսկիի բազմամետաղային հանածոներու վիթխարի ծաւալ կայ Սոտքի հանքավայրին մէջ, որ կը գնահատուի աւելի քան 74 միլիառ տոլար։
«Հետախուզուած հանքավայրերի մեծ մասը պիտի շահագործուի։ Սակայն Հայաստանում հանքավայրերի շահագործման դէպքում կորզւում է մետաղների միայն 60-70 տոկոսը, մինչդեռ պէտք է կորզուէր աւելի քան 94 տոկոսը։ Չկորզուած մետաղները թափւում են ամբարներ, որը մեծ կորուստ է, եւ միեւնոյն ժամանակ վտանգաւոր է շրջակայ միջավայրի եւ առողջութեան համար»,- աւելցուց երկրաբանը։
Նշենք, որ 4 Թրիլիոն տոլարը գրեթէ համազօր է Քաթարի եւ Եգիպտոսի քարիւղի ընդերքներու պաշարի համագումարին։