Նոյն պահուն երբ երիտասարդութեան օրը կը նշուի Հայաստանի մէջ՝
Մասնագէտները կը յայտնեն թէ երիտասարդներու 78,5% տոկոսը,
հնարաւորութեան պարագային, պատրաստ է մեկնելու երկրէն
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է
Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ նշած է թէ «Երիտասարդութիւնը այսօր մեր երկրին մէջ հզօր ուժ է, որուն հետ հաշուի կը նստին, կը յարգեն, կը վստահին ամենապատասխանատու ծրագիրները: Այսօրուան 20, 30 տարեկան երիտասարդները վաղը պիտի դառնան Հայաստանի զարգացման ծրագիրներու գլխաւոր գործող անձերը:
Մեր երկրի ապագան խելացի, կրթուած ու լայնախոհ երիտասարդներունն է: Մաղթանքս է, որ կարեւոր համարէք այն պատասխանատւութիւնը, որ դրուած է ձեր վրայ»:
Սակայն երիտասարդներու 78,5% տոկոսը պատրաստ է մեկնելու երկրէն
Երիտասարդութեան միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկներու թեման այս տարի տարբեր չէր կրնար ըլլալ, քան կեդրոնանալ երիտասարդութեան արտագաղթի երեւոյթին վրայ: Ըստ ՄԱԿ-ի ընկերային-տնտեսական հարցերու վարչութեան ազգաբնակչութեան բաժնի տուեալներու՝ աշխարհի մէջ կայ 15-24 տարեկան մօտ 27 միլիոն գաղթական, որ կը կազմէ աշխարհի 214 միլիոն գաղթողներու թիւի մէկ ութերորդը։
«Հայաստանէն մեկնող երիտասարդները եւս մեծ թիւ կը կազմեն», - ըսաւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Գարիկ Հայրապետեանը, աւելցնելով, թէ Հայաստանի երիտասարդութեան ազգային զեկոյցի համաձայն, հարցուած երիտասարդներու 78, 5% տոկոսը, հնարաւորութեան պարագային, կÿուզէ մեկնիլ Հայաստանէն:
«Հարցուողներու 48% տոկոսը կը կարծէ, որ արտերկրի մէջ աւելի հեշտ է աշխատանք գտնել: Արտերկրի մէջ աշխատավարձերը աւելի բարձր են՝ 42 տոկոսով: Յետոյ կուգայ բարոյահոգեբանականը, որ կը բաղկանայ 4 հիմնական կէտերէ. արտերկրի մէջ չեն ոտնահարեր մարդոց իրաւունքները՝ 12 տոկոս, Հայաստանի մէջ առկայ են անօրինականութիւններ՝ 8 տոկոս, այստեղ տիրող հոգեբանական մթնոլորտի պատճառով՝ 4,5 տոկոս, Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական իրավիճակի պատճառով՝ 3 տոկոս», - կ'ըսէ Գարիկ Հայրապետեանը:
Յիշեցնենք, որ այս տարուայ առաջին 6 ամիսներուն Հայաստանէն մեկնած (ու ետ չի վերադարձած) է աւելի քան 123 հազար մարդ (երիտասարդութեան տոկոսը այս թիւին մէջ կարելի չէ եղած ճշդել): Նախորդ տարի, նոյն ժամանակահատւածի համեմատութեամբ, չվերադարձածներու թիւը 24 հազարով աւելի էր:
Ցաւալի է նաեւ այն երեւոյթը, թէ երկիրը լքող երիտասարդներու հիմնական մասը, ըստ Հայրապետեանի, բարձրագոյն կրթութիւն եւ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներ են: