Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ, Օգոստոս 11ին, Գառնիի հեթանոսական տաճարին առջեւ տօնուեցաւ Հայկ նահապետի փառապանծ յաղթանակը՝ Նաւասարդը:
Նաւասարդը ազգային յաղթանակի եւ կայացման տօն է: Այս առիթը օգտագործուեցաւ հանրութեան ծանօթացնելու համար նաեւ  հայկական աւանդական ուտեստեղէնները, որ բնականաբար ծիսական ու իմաստաւորուած են:
Տօնակատարութիւնները ճոխացան երգերով եւ պարերով:
Հայրենի ժողովրդագրագէտները դիտել կուտան թէ Նաւասարդի նշումները թափ առած են վերջին տարիներուն ու վերագտած են իրենց երբեմնի ժողովրդականութիւնը՝ զուգակցուելով ազգային այլ փառատօներու եւ տօնախմբութիւններու: Այս տարուան Նաւասարդը յատկանշուեցաւ Չարենցի կամարէն դէպի Գառնի տաճար ուղղուած քայլարշաւով, նուիրուած՝ Հայկի մեծ յաղթանակի եւ հայոց տոմարի 4505-ամեակին: Տողանցքին ներկայացուեցան հայկական տարբեր թագաւորութիւններու եւ հանրապետութիւններու 11 զինանըշանները եւ դրօշակները: «Երբ Հայկը սպաննեց Բելին, հրամայեց որ այդ յաղթանակի թուականը նկատել հայկական տոմարի սկիզբը: Օգոստոսեան այս օրերուն կը կազմակերպուէին մարզային մրցումներ, երգի եւ պարի տօներ: Նաեւ մաս- նակիցները կը խմէին ծաղիկներու թերթիկներէ եւ արմատներէ պատրաստուած նաւասարդեան գինին: Յոյս ունինք գալ տարի նման գինի պատրաստած ըլլանք» դիտել տուաւ «Նաւասարդ» խումբի ղեկավար, պատմաբան Սամվէլ Յունանեանը: