Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Զինուած ուժերու զօրամասերուն մէջ հանդիսաւոր կերպով սկսած է ամառնային ուսումնական շրջանը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, զինուորները քաջալերելու, ինչպէս նաեւ նոր ուսումնական հանգրուանին առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելու նպատակով պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը ներկայ եղած է երկրորդ բանակային զօրամիաւորման զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր հաւաքին:
Շնորհաւորելով  զինուորները՝ նախարարը նշած է, որ իրեն համար պատիւ է ուսումնական շրջանը դիմաւորել սահմանի պաշտպանութիւնը ապահովող զօրամասերէն մէկուն մէջ: «Հակառակորդի հնարաւոր ագրեսիային հակազդող միակ միջոցը հայկական Զինուած ուժերի մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանն է: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է միացեալ ուժերով օրը ծառայեցնել ի նպաստ ազգային բանակի մարտական պատրաստութեան աստիճանի բարձրացման: Իսկ դա անվերջ գործընթաց է, որի հանրագումարն ու վերջնական գնահատականը ձեւաւորւում է՝ ելնելով իւրաքանչիւր զինծառայողի անհատական մարտական պատրաստութեան աստիճանից եւ գիտելիքներից», յայտնած է Ս. Օհանեան:
Նախարարը անդրադարձած է նաեւ նախարարութեան կողմէ մշակուած «Վահագն» վարժութիւններու համալիր համակարգին, որ, նախարարին համաձայն, առիթ պիտի տայ զարգացնելու զին-ւորներուն վարպետութիւնը, ըլլալու առաւել արագ, անձնուրաց եւ նպատակասլաց:
Նոյն օրը Սէյրան Օհանեան այցելած է նաեւ զօրամասի սպաներուն համար կառուցուող հանգիստի եւ ժամանցի գօտիի շինուող կառոյցը, որ օժտուած պիտի ըլլայ լողաւազանով, թենիսի եւ պիլիարտի սեղաններով: Նախարարը ներկայ եղած է նաեւ գումարտակներէն մէկուն համար կառուցուած զօրանոցի, ճաշարանի եւ կաթսայատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Դիմելով զինուորական անձնակազմին՝ նախարար Օհանեան դիտել տուած  է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ կ՛ընէ՝ զինուորներուն եւ սպաներուն կենցաղային պայմանները բարելաւելու համար: Նախարարը հաստատած է նաեւ, որ՝ «մեր բանակը հանդիսանում է տարածաշրջանի միակ յաղթանակած բանակը»:
Շրջելով զօրանոցի եւ ճաշարանի տարածքին մէջ՝ Օհանեան բարձր գնահատած է զինուորներուն համար ստեղծուած կենցաղային եւ ուսումնական պայմանները: Ան նաեւ գտնուած է զօրամասի մարտական յենակէտերուն մէջ, հանդիպում ունեցած է ծովու մակերեսէն աւելի քան 3000 մեթր բարձրութեան վրայ սահմանագօտիի պահպանութիւնը ստանձնած զինուորներուն հետ, հետաքրքրուած է անոնց կենցաղային պայմաններով: Բարձր գնահատելով զինուորներուն ծառայողական պարտականութիւններու իմացութիւնը՝ նախարարը անոնցմէ մէկը՝ Կոլեա Սարդարեանը պարգեւատրած է ԶՈՒ զինանշանը պատկերող ժամացոյցով:
Աշխատանքային երկրորդ օրը նախարար Օհանեան այցելած է թիկունքային զօրամասերէն մէկը, ուր զինուորներուն հետ նախաճաշած է զօրամասի ճաշարանին մէջ: Նախարարը հետաքրքրուած է զինուորներուն առօրեայով, կենցաղային պայմաններով: Ապա ան շրջագայած է ճաշարանի տարածքով, ծանօթացած անոնց պայմաններուն: Հանդիսաւոր հաւաքին ընթացքին դիմելով զօրամասի անձնակազմին՝ նախարարը նշած է. «Մենք պատմութեան ամբողջ ընթացքում ստիպուած ենք եղել անընդմէջ ուշադրութիւն դարձնել ռազմարուեստին: Որպէս արդիւնք՝ որտեղ էլ, որ յայտնուել է հայը, նա մշտապէս հանդէս է եկել որպէս առաջնակարգ մարտիկ եւ ստրատեգ»: Ան պատուիրած է գիտակցաբար մօտենալ ուսումնական շրջանին, ներառեալ մարտական պատրաստականութեան դասապահերուն, «քանի որ դրանից է կախուած  փխրուն խաղաղութեան յարատեւութիւնը»:
Աշխատանքային այցելութեան աւարտին Սէյրան Օհանեան կանգ առած է Վահան գիւղին մէջ, ուր հանդիպում ունեցած է գիւղացիներուն հետ, անոնց հետ ծաղիկներ զետեղած է Հայրենական Մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն զոհուածներուն յիշատակը  յաւերժացնող  յուշակոթողին  առջեւ: