Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«2 Օգոստոսին ատրպէյճանական կողմը, ապատեղեկացնելով միջազգային հանրութիւնը եւ իր իսկ քաղաքացիները, մատնանշեց իր խաղաղ բնակիչին վիրաւորուելու փաստը եւ ատիկա վերագրեց հայկական զինեալ ուժերուն», ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ վերջին օրերուն ատրպէյճանական կողմը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով կ՛օգտագործէ արձակազէններու կրակոցը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ «Հայկական զինեալ ուժերը պիտի պատասխանեն համարժէք գործողութիւններով այնքան ատեն, որ ատրպէյճանական կողմը չի հրաժարիր իր սադրանքներէն»:

Յովհաննիսեան նշեց, որ ինչպէս միշտ, իրավիճակի լարման եւ կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը մնայ ազերիներուն: