Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը 2013 թուականի Յունուարէն Յուլիս ամիսներուն աւելցած է 14.3 տոկոսով: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, նշուած ժամանակահատուածին Հայաստան եկած է 321,279 զբօսաշրջիկ:

Նոյն ամիսներուն կրկին զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 343,263 անձ: 2012 թուականին հետ բաղդատելով՝ այդ թիւը աւելցած է 13.6 տոկոսով: 2012 թուականի Յունուարէն Դեկտեմբեր Հայաստան այցելած է 843 հազար 330 զբօսաշրջիկ, ինչ որ 11.3 տոկոսով աւելի է 2011 թուականի ցուցանիշէն: Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի 2013 թուականի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային մրցունակութեան զեկոյցի արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստանը զբօսաշրջութեան ամփոփ ցանկին մէջ գրաւած է 79րդ դիրքը՝ 140 երկիրներու մէջ: Հայաստանի դիրքը 11 տեղով բարձրացած է՝ 2011 թուականին հետ բաղդատելով։