Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գնեցէ՛ք   տոմս,   շահեցէ՛ք   բնակարան   կամ   արցախեան   գորգ 

Օգնեցէ՛ք վերաբնակեցման ծրագրին

Արցախի մէջ վերաբնակեցման թեման պէտք է միշտ արդիական մնայ, անկախ թէ որ քաղաքական ուժերը կ'իշխեն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, կամ թէ ինչ տրամադրութիւններ կան Սփիւռքի մէջ:

Այս կարծիքը կրկնուած է Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի կողմէ, որ կ'ըսէ թէ «1994-99 թթ. կատարուել է տարերային վերաբնակեցում, ինչը նման էր խորհրդային տարիների հայրենադարձութեանը, երբ անձը չգիտէր, թէ ո՞ւր է գնում, ի՞նչ պայմաններում է ապրելու»:

Արցախի փոխ վարչապետը դիտել կուտայ թէ այն տարիներուն ձեւաւորուած 50-60-հոգինոց բնակավայրերը այսօր ծանր բեռ են պետութեան համար, քանի որ անոնք յառաջիկային չեն կրնար հասնիլ 1000 հոգիի սահմանին, սակայն պետութիւնը հաղորդակցական բազմաթիւ խնդիրներ պէտք է լուծէ նաեւ իրենց համար:

Ըստ փոխ վարչապետին՝ 1999-էն ետք որոշ չափով փոխուած են մօտեցումները վերաբնակեցման վերաբերեալ: Իսկ ներկայիս արդէն յստակ ուղիներ կը նշուին այս ուղղութեամբ:

Այսօր կ'իրականացուի վերաբնակեցուած գիւղերու գոյքագրում. բնակչութեան թիւին համապատասխան անոնք կը խմբաւորուին եւ այս այնմ ծրագրեր կը մշակուին: Օրինակ՝ մինչեւ 2017 թուականը 200 եւ աւելի բնակիչ ունեցող գիւղերուն մէջ պէտք է ապահովուի կանոնաւոր ջրամատակարարում:

Կը նախատեսուի նաեւ Քաշաթաղի, Հադրութի եւ Շահումեանի շրջաններու որոշ գիւղերու մէջ բնակչութիւնը հասցնել 1.000ի:

Այս բոլոր ծրագիրները յաջողցնելու համար պետական վիճակախաղ կը կազմակերպուի՝ հաշուի առնելով այլ երկիրներու փորձառութիւնը: Այս վիճակախաղին մէջ սակայն յաղթական դուրս եկողը՝ նիւթական գումար չէ որ պիտի ստանայ: Նուէրները հիմնականօրէն հետեւեալներն են՝ բնակարաններ Ստեփանակերտի եւ հաւանաբար նաեւ Շուշիի մէջ եւ Արցախեան ձեռագործ գորգեր:

2000 դրամ (կամ մեր պարագային՝ 4 եւրօ) արժող տոմսերու 40 առ հարիւր տոկոսի գումարը պիտի ուղղուի վերաբնակեցման ծրագրերուն, 40 տոկոսն ալ՝ շահողներուն: Մնացեալ 20 առ հարիւրը պիտի տրամադրուի վիճակախաղի կազմակերպման ծախսերուն:

Տոմսերը պիտի իրացուին յաջորդ տարուայ Մայիս 9-ին, իսկ վիճակախաղը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 28-ին՝ ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նիստի օրը (պատմական 1991 թուականին): Վիճախակախաղի օրը կը նախատեսուի շատ փայլուն ձեռնարկներու շարք՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ու յարակից բնակավայրերու երեխաներու մասնակցութեամբ եւ ամէն ինչ պիտի հեռասփռուի ուղիղ եթերով:

Արցախի փոխ վարչապետը դիտել կուտայ թէ պետութեան փափաքն է որպէս ազգային տուրք դիտել տոմսի այս փոքրիկ գումարի յատկացումը, գիտակցելով թէ իւրաքանչիւր հայ անհատ իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերաբնակեցման ծրագրին եւ ձեռագործ գորգերու արհեստի զարգացման, որ միաժամանակ պիտի հակադարձէ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան, որ արցախեան գոյգարուեստը որպէս իրը կը ներկայացնէ: Ըստ ծրագրի՝ Արցախի մէջ նուազագոյնը 500 գորգագործ՝ ամսական կը պատրաստէ 1,5 քմ արտադրանք, որ բաւական մեծ ծաւալ կը կազմէ, ընդհանուրին մէջ:

 

Տոմսերը  կ'արժեն  4  եւրօ: 
Կարելի  է  գնել  ակումբներէն
եւ  «Ազատ  Օր»ի  խմբագրատունէն: