Print
Category: Հայաստան-Արցախ

8 Օգոստոսը ճանչցուած է ասորիներու ցեղասպանութեան օր, որովհետեւ այդ օրը տեղի ունեցած են մեծագոյն զանգուածային կոտորածները: Հայաստանի մէջ անցեալ տարուայ Ապրիլին, բացումը կատարուեցաւ Ասորիներու ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանի մէջ կ'ապրի 5000 ասորի:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Օգոստոսին ասորական համայնքը կը նշէ ասորական ցեղասպանութեան տարելիցը: Տարբեր ժամանակաշրջաններուն կոտորածներու ենթարկուած ազգը այսօր եւս կ՛ենթարկուի ցեղասպանութեան: Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի «Աթուր» ասորիներու միութեան նախագահ Արսէն Միխայիլովը: «Ասորական ցեղասպանութիւնը չէ կատարուած մէկ կամ քանի մը տարուան ընթացքին, անիկա պարբերական բնոյթ կը կրէ: 1895-96 թուակններուն Թուրքիոյ մէջ, 1933 թուականին Իրաքի եւ այսօր պատմական Ասորեստանի տարածքին մէջ տակաւին կը շարունակուին կոտորածները: Կը ցաւիմ, որ ասորիները ուշ սկսան իրենց պայքարը ցեղասպանութեան ճանաչման համար, բայց ուրախ եմ, որ վերջին տարիներուն որոշ երկիրներ ընդունեցին Ասորական ցեղասպանութեան փաստը: Ասորական ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի միջազգային հանրութեան կողմէ, որպէսզի ասորիները, ինչպէս նաեւ հայերը, ազատին փոքր ազգերուն յատուկ անլիարժէքութեան զգացումէն», յայտնած է Միխայիլովը:

Միութեան անդամ Ռազմիկ Խոսրոյեւի համաձայն, 8 Օգոստոսը ճանչցուած է ասորիներու ցեղասպանութեան օր, որովհետեւ այդ օրը տեղի ունեցած են մեծագոյն զանգուածային կոտորածները: «1933 թուականի 8 Օգոստոսին Իրաքի Սեմել գիւղին մէջ, որ Անգլիոյ տիրապետութեան տակ էր, տեղի ունեցաւ կոտորած մը, որ ամէնէն զանգուածայինն էր ասորիներու պատմութեան մէջ: Գիւղին մէջ ապաստանած ասորի գաղթականները, որոնք փախուստ տուած էին Թուրքիայէն, անգլիացիներուն հրահրումով սպաննուեցան արաբներուն կողմէ: Գիւղին եկեղեցւոյ մէջ բանտարկեցին եւ այրեցին երեք հազարէ աւելի ասորիներ», յայտնած է Խոսրոյեւը: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ չեն անտեսուիր նաեւ ասորիները, եւ անոնց պահանջները եւս սեղանի վրայ կը դրուին: