Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ճէյմս Ուորլիքը ամերիկեան դիւանագիտական համակարգի ամենափորձառու ներկայացուցիչներէն է: Ան այն եզակի ամերիկեան դեսպաններէն է, որու կինը եւս բարձրաստիճան դիւանագէտ է:

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբին մէջ Միացեալ Նահանգները այսուհետեւ պիտի ներկայացնէ Պուլկարիոյ մէջ ԱՄՆի նախկին դեսպան Ճէյմս Ուորլիքը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին 57-ամեայ դիւանագէտին այս պաշտօնին նշանակելու մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ, հետեւեալ խօսքերով: «ԱՄՆ-ը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ եւ յարատեւ լուծման համար կողմերուն օժանդակելու իր յանձնառութեան վրայ: Յունիս 18-ին նախագահներ Օպաման, Փութինը եւ Օլանտը իրենց համատեղ յայտարարութեան մէջ արդէն իսկ նշեցին, որ կողմերը պէտք է նոր եռանդով կեդրոնանան դեռ եւս չլուծուած խնդիրներու վրայ, ինչպէս նաեւ սեփական ժողովուրդները նախապատրաստեն խաղաղութեան, եւ ոչ թէ պատերազմի», - նշած է Ճոն Քերրի աւելցնելով թէ՝ «Դեսպան Ուորլիքին բնորոշ են իմաստնութիւնը, փորձառութիւնը եւ առողջ դատելու կարողութիւնը»:

Նշենք, որ Սթենֆորտի եւ Թաֆթ համալսարաններու իրաւաբանական ճիւղի շրջանաւարտ Ուորլիքը ամերիկեան դիւանագիտական համակարգի ամէնափորձառու ներկայացուցիչներէն է: Ան զբաղեցուցած է Մոսկուայի մէջ ԱՄՆ գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնը, մի քանի տարի աշխատած է Պեռլինի ամերիկեան դեսպանատան մէջ։ Ան պաշտօններ վարած է նաեւ Պաղտատի, Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի հարցերու կապակցութեամբ։ 2010էն զբաղեցուցած է Պուլկարիոյ մէջ ԱՄՆի դեսպանի պաշտօնը։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ

Մինսկի խումբի նոր համանախագահի նշանակման արդէն իսկ անդրադարձած է Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը, որու գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը խորհուրդ տուած է նորապաշտօն Ուորլիքին առաջնորդուիլ Պարաք Օպամայի՝ նախապէս տրուած խոստումի հիմամբ։

«Մուտք գործելով Սպիտակ Տուն՝ նախագահը հրապարակայնօրէն խոստացաւ ամերիկեան ժողովուրդին աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարատեւ եւ ամուր խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ՝ հիմք ընդունելով Ամերիկայի հաւատարմութիւնը ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն վրայ», դիտել տուած է Արամ Համբարեանը։