Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան երեսփոխանական խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Ֆիլիփ Քացընպախ աշխատանք կը տանի հայ եւ ատրպէյճանցի խորհրդարանականներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնելու, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգա- ւորման շուրջ նոր մակարդակի վրայ երկխօսութիւն սկսելու նպատակով:
«Նուվել տ՛Արմէնի»ի համաձայն՝ Քացընպախ հրաւէր ուղարկած է թէ՛ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խմբակի համանախագահ Արա Բաբլոյեանին եւ թէ Ատրպէյճան-Ֆրանսա խմբակի համանախագահ Մեհրիպան Ալիեւային: Այս վերջինը Ատրպէյճանի նախագահին կինն է:
Բաբլոյեան շեշտած է, թէ ցարդ նման հանդիպման մը թուական չէ որոշուած: