Իրան տուած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպման սկիզբը Ռուհանի շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգսեանին հրաւէրը ընդունելու եւ իր երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար: Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրանցի իր գործընկերը եւ մաղթեց բեղմնաւոր աշխատանք ու յաջողութիւն այդ բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ինչպէս երկկողմանի, նոյնպէս ալ բազմակողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ հայ-իրանական համագործակցութեան օրակարգը բաւական հարուստ է եւ կը վկայէ շարք մը մեծ նախագիծերու իրականացման մասին: Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեւաւորուած աւանդական դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան բարձր մակարդակին համար‘ Սարգսեան եւ Ռուհանի ընդգծեցին այդ համագործակցութիւնը նոր եւ աւելի բարձր հանգրուանի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն, մասնաւորաբար‘ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ վիճակին:
Սերժ Սարգսեան եւ Հասան Ռուհանի ջերմութեամբ յիշեցին ազգային ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու մակարդակով իրենց հանդիպումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոյն ոգիով աշխատելու հայ-իրանական համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ: