Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Տեղի ունեցաւ 6-րդ փուլի բացման արարողութիւնը 

Օգոստոս 5-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի 6-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցի 120 պատանի աշխարհի 15 երկիրէ:

Ողջունելով մասնակիցներուն եւ հիւրընկալ ընտանիքներուն՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ջիլաւեանը նշեց, որ «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցներու թիւը տարեց տարի կ'աւելնայ եւ այդ մէկը ծրագրի լաւագոյն գնահատականն է: Ոգեշնչուած եւ Հայրենիքով հիացած մասնակիցները կը դառնան Հայաստանի ջահակիրները իրենց բնակութեան երկիրներուն մէջ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեանը, մասնակիցներուն փոխանցելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, յոյս յայտնեց, որ ծրագրի մասնակիցները երբեւէ կը վերադառնան Հայաստան:

Համահայկական ծրագրերի վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանը, աւանդոյթի համաձայն, մասնակիցներէն ամենակրտսերին՝ Լիբանանէն Ակասիա Մարիա Ազատեանին հագցուց «Արի տուն» ծրագրի տարբերանշանով վերնաշապիկը եւ գլխարկը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կից հայկական կիրակնօրեայ «Վերածնունդ» դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Իրինա Տարօնացին, որ Հայրենիք է բերել դպրոցի սաներէն բաղկացած խումբ մը:

Գերմանիայէն ժամանած Արփի Գույումճեանի մայրիկը՝ Անահիտ Յովսէփեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ջերմ ընդունելութեան եւ ծրագիրը լաւ կազմակերպելու համար, առաջարկեց արիտունցիներուն եւս մասնակից դարձել Հայրենիքին մէջ մաքրման, ծառապատման աշխատանքներուն:

Մասնակիցներուն ողջունեցին 2-րդ տարին անընդմէջ հիւրընկալ ընտանիքի ներկայացուցիչ Շենգաւիթ համայնքէն՝ Վիկտորիա Մարտիրոսեանը եւ 6-րդ փուլի 3 սփիւռքահայ պատանի հիւրընկալած Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան թիւ 2 դպրոցի տնօրէն Իռէն Յակոբեանը:

Միջոցառման աւարտին երաժշտական ելոյթներով հանդէս եկան Լիբանանէն, Իտալիայէն եւ Թիֆլիսէն ժամանած մասնակիցները: