Վերջերս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ Հայաստանի եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր՝ կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան հարցերուն վերաբերեալ:
Տուեալ փաստաթուղթը կարելիութիւն պիտի տայ 2013-2014 թուականներու ուսումնական տարեշրջանին կազմակերպել Չինաստանի զինուորներու ուսուցումը՝ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ: