Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստանի արդիւնաբերողների եւ գործարարների (գործատուների) միութիւն»ը յատկապէս վերջին տարիներուն նպատակաուղղուած քայլեր կ՛առնէր մասնաւորապէս թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտը անորոշ ու երկար փնտռտուքի թմբիրէն դուրս բերելու եւ հայրենական արտադրողներուն զօ- րակցելու նպատակով:

Այդ նպատակով «Հայաստանի արդիւնաբերողների եւ գործարարների միութիւն»ը ստեղծեց «Թեթեւ արդիւնաբերութեան ճիւղային միութիւն», որ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին արդէն իսկ կրցաւ բազմաթիւ հանդիպումներով, քննարկումներով ու բանավէճերով, այցելութիւններով եւ ընդհանրական խնդիրներու բարձրացմամբ կառավարութեան ուշադրութիւնը սեւեռել ոլորտի զարգացման վրայ: «Հայաստանի արդիւնաբերողների եւ գործարարների (գործատուների) միութեան» լրատուական ծառայութեան համաձայն, արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է վաղուց սպասուած ծրագիրը։ «Թեթեւ արդիւնաբերութեան ճիւղային միութիւն»ը բացած է Հայաստանի մէջ թեթեւ արդիւնաբերական արտադրանքի «Պատրաստուած է Հայաստանում» առաջին մասնագիտական խանութը, ուր կը վաճառուին միայն Հայաստանի մէջ արտադրուող բարձրորակ հագուստ, կօշիկ, գուլպայ եւ այլն:

Տիգրան Մեծի 20 հասցէով՝ արդէն իսկ կը վաճառուի «Տոսպ», «Լիւքս», «Լիդա», «Մելանտէ» եւ «Արտսոքս» ընկերութիւններուն արտադրութիւնները: Եթէ ծրագիրը յաջող ընթացք ունենայ, նմանատիպ սրահներ պիտի բացուին նաեւ հանրապետութեան այլ բնակավայրերու մէջ: