Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կրթօճախներու գործակցութեան վերաբերեալ յուշագիր ստորագրուեցաւ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան չինացի իր պաշտօնակիցին՝ Վան Եիի հրաւէրով, պաշտօնական այցելութեամբ Փէքին գացած է:

Իրենց հանդիպման ընթացքին Վան Եի ընդգծած է, որ իր երկիրը Հայաստանը կը նկատէ որպէս կարեւոր գործընկեր թէ՛ Կովկասի, եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի (Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան) տարածաշրջանին մէջ: Ան նշած է, որ իր երկրին կառավարութիւնը մտադիր է շարունակելու՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի ընդլայնելու միտող քայլերը:

Իր կարգին, Էդ. Նալբանդեան ալ նշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կ'ընծայուի տարուէ տարի աւելի ընդգրկուն դարձող Չինաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման:

Երկու նախարարները անդրադարձած են քաղաքական, միջխորհրդարանական, ապակեդրոնացման, առեւտրատնտեսական, մշակոյթի եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ կայուն զարգացում ապրող, արդիւնաւէտ գործակցութեան կարեւորութեան եւ երկու կողմերն ալ նշած են, որ կը փափաքին դիմել գործընկերութեան խորացման աւելի գործօն քայլերու՝ ընդգրկելով նորանոր բնագաւառներ:

Այս այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի եւ Չինաստանի դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ պատրաստող հաստատութիւններու միջեւ կապեր հաստատելու եւ գործակցութիւնը խթանելու նպատակով՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան եւ Չինաստանի Արտաքին յարաբերութիւններու համալսարանի նախագահ Ժաօ Ճինճուն ստորագրած են երկու կրթօճախներու գործակցութեան վերաբերեալ յուշագիր:

Յուլիս 26ին, Էդ. Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ (CIIS), որուն ներկայ եղած են Փէքինի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ: